2016-12-17 09:10:00

Միջազգային Քարիթասի նախագահ` Կարդինալ Թակլէի Ս. Ծննդեան պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) Միջազգային  Քարիթասի Նախագահ` Մանիլայի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ, Ս. Ծննդեան առիթով հրապարակած իր պատգամը յատկացուցած է Սուրիոյ։

Պատգամին մէջ Ան կը նկատէ, թէ երբեմն այն երեւոյթը կայ, թէ Սուրիոյ մէջ յարատեւ ձմեռ է, եւ Ս. Ծննդեան տօնը երբեք չի գար։

Կարդինալ Թակլէ յանուանէ կը յիշատակէ որոշ պարագաներ ու դէպքեր, թէ ինչպիսի՛ ծանր պայմաններու մէջ կը գտնուի Սուրիոյ ժողովուրդը։ Կը պակսին միջոցներ՝ պաշտպանուելու ցուրտին դէմ։

Քարիթասի աշխատակիցները մեծ զոհողութիւններով, կը կատարեն իրենց առաքելութիւնը, օգնութեան հասնելով հոն ուր կարելի է, բաժնեկցելով ժողովուրդին դժուարինպայմանները։ Միջազգային Քարիթասը մեծ ջանք կը թափէ խաղաղութեան գործընթացին ի նպաստ։

Խստագոյն էր այս ձմեռը, կը գրէ Ծիրանաւորը, սակայն գիտենք՝ թէ ձմրան կը յաջորդէ գարունը։ Կարդինալ Թակլէ կը նշէ, թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անձամբ խաղաղութեան հաստատումի սատարողներէն մին է, որ կը հաւատայ՝ թէ կարելի է հասնիլ խաղաղութեան, որ ամենէն կատարեալ բանը պիտի ըլլար այս Սուրբ Ծննդեան առիթով։








All the contents on this site are copyrighted ©.